2016-08-30 12:56:00

Քոյր Փրեմա` Մայր Թերեզայի սրբադասումը մեծ պատիւ է մեզի համար ու խղճի քննութեան առիթ։


(Ռատիօ Վատիկան) Համայն աշխարհ սպասումի մէջ է Քալքութայի մայր Թերեզայի սրբադասման արարողութեան­, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Կիրակի` 4 սեպտեմբերին, Ողորմութեան Յոբելենական տարուայ ծիրէն ներս, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գլխաւորած հանդիսաւոր արարողութեամբ։

Այս առընչութեամբ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Մայր Թերեզայի հիմնած ''Գթութեան միսիոնարներ'' միաբանութեան, Մայր Թերեզայի յաջորդ,  ներկայ մեծաւոր` Քոյր Մարի Փրեմա հաստատեց թէ Մայր Թերեզայի սրբադասումը իրենց համար մեծ պատիւ է եւ այս մէկը առիթ կ՛ընծայէ խղճի քննութիւն կատարելու եւ նայելու եթէ մենք խորապէս կ՛ապրինք մեր կոչումը որ ընտրած ենք որպէս Գթութեան Միսիոնարներ ու յատկապէս քննելու մեր Աստուծոյ հետ միութիւնը աղօթքի մէջ եւ Յիսուսի հետ միութիւնը աղքատներուն մէջ։

Ակնարկելով 1979-ին Մայր Թերեզային շնորհուած Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակին Քոյր Փրեմա հաստատեց  թէ այդ մրցանակը շնորհուած է Մայր Թերեզայի` ժողովուրդներու միջեւ միութեան հաստատումին յանձնառումին համար, որպէս զաւակներ միակ Երկնաւոր Հօր։ Խաղաղութիւնը արդարեւ իւրաքանչիւրի ձգտում է, սակայն միաժամանակ ան արդիւնքն է ներումի եւ ուրիշ անձերը ունկնդրելու յանձնառումին։

Մայր Թերեզան յաճախ կը կրկներ ''Եկեղեցին ես ու դուն ենք։ Եթէ կ՛ուզես որ եկեղեցին սուրբ ըլլայ քու եւ իմ պարտականութիւնս է սուրբ ըլլալ'', ըսաւ ապա Քոյր Փրեմա հաստատելով թէ այսօր միաբանութիւնը պէտք ունի Մայր Թերեզային եւ թէ ան երկնքէն իրենց համար կ՛աղօթէ ինչպէս իրենք փոխադարձաբար կ՛աղօթեն իրեն համար։ Մատնանշելով հուսկ Մայր Թերեզայի անձնականութեան ու վճռակամութեան Քոյր Փրեմա հաստատեց թէ Մայր Թերեզան մարդոց հետ կը խօսէր սրտի յստակութեան լեզուով։ Ան իր հետ կը տանէր աղքատներէ ամենէ աղքատին արժէքները, պաշտպանելով մարդոց արժանապատուութիւնը։

Ի վերջոյ Գթութեան Միսիոնարներու մեծաւոր Մայրը, մտաբերելով անցեալ տարի Եմենի մէջ իրենց հաւատքին համար նահատակուած միաբանակից չորս քոյրերու յիշատակը ըսաւ ''եթէ այդ դէպքին մտածենք մարդկային մտայնութեամբ, երիտասարդ կեանքեր կորսնցուցինք իսկ եթէ նայինք հաւատքի աչքերով մեծ պատիւ է կեանքը տալ անոնց որոնց կը ծառայենք։

Հալածանքները ի սկզբանէ մաս են քրիստոնէական կեանքին ու անոնք անհրաժեշտ են ցոյց տալու մեր կոչումի լաւագոյն մասը։ Մեր քոյրերը ազատ օրէն որոշեցին այդ վայրին մէջ մնալ ծառայելու համար Ատէնի հիւանդներուն։ Մեզի համար մեծ ցաւ է անշուշտ` սակայն միեւնոյն ատեն մեծ պատիւ է որ անոնք կարողացան իրականացնել իրենց նպատակը որ է միութիւնը Աստուծոյ հետ, սիրելով Յիսուսը այնպէս ինչպէս Յիսուս Ինք մեզ սիրեց, ու ներելով բոլոր անոնց որոնք չեն գիտեր թէ ինչ կ՛ընեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.